ՅՈՒՇԵՐ

Այս գիշեր

Հոգիս կը թեւածէ ովկիանոսներէն անդի՜ն

Անձի մը վերյիշումին,

Որ իր չքնաղ ու հրաշագեղ տեսքով, օր մը

Հոն արթնցուց գեղեցիկի զգայարանքները,

Կախարդական աչքերովն իր՝

Հրահրեց հոն մոխրացած կայծերը սիրոյ

Ու առաւօտ մը տխուր,

Բաժանումով մը տառապագին

Հոն խարանեց սպի մը անբուժելի...

Երեւակայութեանս խորը կը վերականգնի

Հի՜ն, քա՜ղցր օրերը անցեալի հրաշքին.

Օրե՜ր, որոնց իւրաքանչիւր պահը

Դարձաւ սխրանք անմոռանալի,

Ու իւրաքանչիւր րոպէ վերածուեցաւ

Ապագայի հաշուոյն նոր խոյանքի,

Ազդակ մը՝ գոյատեւումի...

Յիշատակն անոր կը թարմանայ

Այս գիշեր, այս րոպէին, տարերքի մը նման...

Կը ցանկամ վերադարձը երէկի

Ու հի՜ն, երազային երեկոներուն,

Վերադարձը անոʹր,

Որ տար նո՜ր կայծ՝ հանգած մոխիրին,

Տար նոր յո՜յս՝ վաղուա՜ն նորարար...

1985