ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ

Երկնակամարին վրայ կանթեղներ կը վառին

Յանուն ցեղիս հրաշագործ երթին,

Կը վառին անընդմէջ, անվերջ ու պայծառ,

Վկաներն են երախտաւոր, ծանօթ ու անծանօթ,

Առաքեալները վաղուան վե՜հ տեսիլքին...

Փա՜ռք ձեզ, մերօրեայ հերոսներ,

Ձեր ողջակիզումը նոր շունչ բերաւ հայուն սրտին,

Պատգամը ձեր մեզի կու տայ կամք ոգեղէն,

Տեսէ´ք ցեղին զարթօնքը, ճառագայթումը հրաշէկ,

Ան վաղուան կը նայի յաղթութեան հաւատքով:

Աշխարհի տարածքին յուշարձաններ կը կանգնին՝

Սլացիկ, վեհապանծ ու պահանջատէր,

Կը կանգնին հաստատ ու աներեր,

Կը կանգնին յանուն արդարութեան մարտիկներուն,

Յանուն անշիրիմ, խոնա՜րհ հերոսներուն...

Յարութեան յուշարձաններն են ազատատենչ հայերուն,

Անոնց ջահը անմահութեան ուղիները կը բոցավառեն,

Տեսէ´ք ցեղիս զարթօնքը, ծառացումը՝ հերոսական,

Ցաւոտ անցեալին ընդմէջէն՝ Ապագա´ն բոցավառ...

Իմ ցեղս յաղթութեան կ’երթայ խրոխտ, հաստատակամ։

1987