ՅՈՅՍԻՆ ԿԱՌՋԱԾ
Երբ չկայ հնար փրկարար,
Երբ իմ շուրջ ու ներսիդին գորշ ամպեր են պատած,
Որո՞ւ կանչեմ հաշտարար,
Յանձուիմ իմ օրերո՞ւն մոխրահալած.
Օ՜հ, ո՜չ. պտղունց մը յոյս ու աղ-նշխար
Իմ սեղանին կը մնան օրհնեալ մասունք անբաժան։
Եւ դեռ կ’ոգեկոչեմ միջնորդութիւնը Աստուածամօր,
Որ զիս հանէ յեղյեղուկ տիղմէն կլանող։
Օ՜հ, ո՞ւր էք արեւ ու խայտանք, ողջո՜յն,
Նոր տարուան հետ եկող նոր պատրա՞նք,
Թէ՞ հրաշագործ կարելին կենսարար։
Եկէ՛ք, եկէ՛ք անյապաղ,
Ժամանակը կը սահի անարգել,
Ես ոտնաձայներ կը լսեմ ուժեղացող,
Մի՞թէ կայ հրաշք ամենազօր։
Ես ոտնաձայներ կը լսեմ ահագնացող...
2018