ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒԸ ՄԻԱՅՆ ՉՄԱՐԻ
Դիտելով լուսաթաթախ քաղաքը բարձրերէն
Կարելի չէ խանդ չունենալ Արարիչին,
Որ կը վայելէ իր արարչութիւնը ի սկզբանէ,
Մինչ մարդը, սա արարչութիւնը առեղծուած,
Կ’ապրի զայն ակնթարթ մը միայն։
Մարդը, սա ծնունդը արտասովոր,
Անաւարտ ու խորհրդաւոր,
Լարուած ժամացոյցի մըն է նման, անզօր.
Մի՞թէ աւարտ ունի սա հրաշքը անհուն,
Ինչո՞ւ խամրի յիշողութիւնը մարդուն,
Եթէ մարդկութիւնն ալ դառնայ անցեալ ու յուշ,
Եւ կամ կերպարանափոխուի այլ արարածի մը անբան։
Ինչո՞ւ չվայլէ ան անանձնական այս հրաշքը
Առինքնող ու մնայուն,
Ինչո՞ւ յիշողութիւնն իր խամրի,
Ու ինք՝ մարդկութեան յիշողութենէն։
Ինչո՞ւ թոռմի ան վարդին նման դիւթիչ,
Ու փոշիանան երազներն իր ծարաւի։
Ինչո՞ւ շիջի կրակը սրտին,
Անծայրածիր տիեզերքի մութ բաւիղներուն։
Ինչո՞ւ ապրի ակնթա՜րթ մը միայն
Ու չվայլէ հրաշքն այս յաւիտեա՜ն։
Աւա՜ղ, պիտի մարին կրակն ու հուրը,
Երազները՝ անհուն ու գերզգայուն,
Պիտի դադրին սլաքները, վաղ թէ ուշ,
Իցիւ թէ չխամրին յիշատակներն անոր,
Ապրին յաւէ՜տ այս հրաշք պահերը անհուն,
Իցիւ թէ չխամրի մարդը, իր յուշերով ներհուն,
Չմարի աստղն անոր, ինչպէս ճարճատիւնը խարոյկին,
Ապրի յաւե՜րժ այս հրաշքին վկան ու գերին։
2018