ՅԻՇԷ՜ ԶԻՍ

Երբ քունի մտնես,

Աղօթքէդ առաջ

Յիշէ զիս...

 

Յիշէ,

Որ գիշերը չէր աւարտեր,

Երբ աչքերս աչքերուդ յառած,

Երանութիւն կը տեսնէի,

Դուն, խամրած աչքերով,

Կարմրամոլոր կոպերով,

Կը ժպտայիր

Թանձր համբոյրներդ անշահախնդիր բաշխած։

 

Մինչ կը դիտէի քեզ,

Գիտէի՝ հոգիդ էր, որ կը խօսէր

Աչքերուդ մէջ, ու ես քու սէրդ կը կարդայի

Աչքերէդ՝ բաց գրքի պէս։

Ու երազներ կը դառնային իրականութիւն,

Գարուններ կը բացուէին լուսաբացին,

Ու վարդեր կը շնչէին սէր ու խայտանք

Աչքերուդ մէջ։

 

Գիշերին,

Երբ քունի մտնես

Աղօթքէդ առաջ

 

Սիրոյ գիրքը մեր կը կարդաս

Ու կ’արտասուես լուռ,

Կը մտածես՝ ի՞նչ կարճ է կեանքը,

Թէեւ լեցուն՝ գեղեցիկ պահերը,

Ինչքան ներշնչող են գաղտնիքները սիրոյ ...

Որ մեր երանելի պահերու խորհուրդներն էին,

Կիրքն ու գինին էին,

Որոնք կը մնային գիշերին մէջ մշտարթուն

Մինչեւ որ արեւուն շողերը բխին

Մեր աչքերուն մէջ սիրայորդ։

 

Յիշէ զիս,

Աղօթքէդ առաջ,

Որպէսզի ես ապրիմ քեզմով

Քիչ մը աւելի երկա՜ր...։


2022