ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Խառնակ է երկինք,
Շփոթահար են ամբոխները կատաղած,
Ալեկերպ այս օրերուն,
Կրկին տագնապ է, անորոշութիւն համատարած,
Արիւնածոր վէրքերն են կրկին գրգռուած.
Յեղափոխութեան դրօշն է երկինք պարզուած.
Բողոք ու զայրոյթ՝ փտածութեան դէմ,
Հացի, ազնիւ աշխատանքի պահանջքն է
Մարդիկ հրապարակները բերած, արդարօրէն.
Սարսափն է տիրած իշխող խաւին.
Մարդիկ, յամառութեամբ մը զարմանալի,
Վճռած են տեղի չտալ, մարմրող վերջին յոյսին կառչած՝
Կը գրոհեն հրապարակները, ճակատ կազմած,
Հարիւր օր եւ կը տոկան։
«Անկցի՜ կաշառակերութիւնն
Ու դրամին բռնատիրութիւնը» կը գոռան,
«Ժողովուրդի իշխանութիւն» կը գոչեն.
Հրապարակը անոնցն է կարծես,
Յուսալքումի, նահանջի տեղ չկայ,
Պիտի յաղթէ՞ վերջապէս կա՜մքը արդարին,
Թէ՞ շիջի կրակը կրկին, զոհ՝ մեծերու խաղին.
Ոգի ի բռին կը սպասենք այդ պայծա՜ռ օրուան։
2020