ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ

Յակոբ Աբրահամեանին

 

Ու կերթան այսպէս անժամանակ,

Երբ դառնութեան բաժակը յորդած է արդէն,

Ու կարելի չէ պայքարիլ միայնակ

Անիրաւ աշխարհի մարտնչումներուն դէմ։

 

Ու կերթան կարաւանին հետ խիտ շարքերով,

Առանց փող ու թմբուկի, հապճեպով մը արտառոց,

Ետին ձգած վիշտ ու ցաւ, ի խնդիր խոստացեալ լոյսին,

Անիրաւ այս աշխարհի տագնապներէն յոգնած։

 

2022