ՅԱՒԵՐԺԱՀԱՐՍ ՍԱՆՆԻՆ

Խրոխտ կնոջ մը պարթեւ հասակով,

Վեհապանծ կանգնած սպիտակին մէջ,

Զերդ յաւերժահարս մը անժամանակ աշխարհի,

Կը սփռես տարփոտ հմայքդ չորսդին...

 

Դիւթանքով կը նային քու լերկ իրանին,

 Վայելչակազմ, կարծես քամի մը խանդոտ

Պիտի թօթափէ շքեղ մետաքսը սպիտակ

Ու բացայայտէ  մերկութիւնդ պագշոտ.

 

Ու երբ գիշերն իր հմայքը տարածէ չորսդին,

Հոլանի մարմինդ պիտի գերէ, պիտի կանչէ,

Երբեմնի բագոսներու մերկահրապոյր շունչը տաք

Հրաւիրէ աստուածները հին՝ մեղկ խրախճանքին.

 

Ո՜վ յաւերժահարս լեռ, անմահներու օրրան,

Խորհուրդ մըն ես դուն անլոյծ, հի՜ն դարերուն։


2016