ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉԸ...
Եղեռնի 70-ամեակին առիթով
Յարութեան շունչն է ահա,
Ամէնուրեք, աշխարհի տարածքին,
Հայը՝ մէկ հոգի ու մարմին,
Կը վերականգնի կաղնիի նման,
Հաւատքին ու կամքին յենած՝
Արդարութեան,
պահանջատիրութեան կոչերով...:
Ազատութեան ձգտումը ճնշելու,
Անոր ստեղծագործ ոգին մարելու՝
Բոլո՜ր փորձերը կը մնան ապարդիւն.
Քանզի անմահ ժողովուրդի երթն է այն,
Դարաւոր պայքարի, ընկրկումի, սխրանքի,
Փորձ ու փորձութիւններ նուաճած,
Յարատեւութեան ոգեղէ´ն բնազդով...:
Անհաշտ ժամանակները շրջանցելու
Լաւագոյն գրաւականն է հայը.
Վկայ անոր դաժան պատմութիւնը,
Արիւն-քրտինքով մկրտուած նուաճումները...:
Մահուկենաց պահերուն անգամ,
Հայը ստեղծեր է գոյութեան նոր տարերք,
Անշեղ հաւատքով ու պողպատեայ կամքով...:
Ու ահա, եօթանասուն տարիներ ետք,
Վերականգնումի, անմեռ երթի ուխտն է
Դարձեալ, որ կը թեւածէ մթնոլորտին մէջ
Ու կը ցոլայ անոր հոգիէն ներս.
Յարութեան շունչն է ահա, որ
Լուսաւոր ապագայի նոր արշալոյսներ կ’աւետէ...։
Եօթանասուն տարիներու խարխափանքէ ետք,
Կանգնած սեմին՝ նոր հանգրուանի՝
Հաւատքի, կամքի, հաւաքական ոգիի,
Հայը կը քալէ հետքերովը Ապագայի...:
1985