ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Ես հասկցայ
- Թէեւ քիչ մը ուշ -
Որ մարդիկ ապերախտ
Արարածներ են երկդիմագիծ.
Որ միշտ նպատակ մը յետին,
Պատճառ մը թաքուն,
Կը կանգնի բարեկամութեան ետին.
Որ մօտիկ բարեկամդ ներկայի,
Գուցէ վաղուան թշնամիդ է ոխերիմ:
Ես հասկցայ
- Գուցէ ոչ այնքան ուշ -
Որ չ’արժէ զոհողութիւն գերագոյն,
Չ’արժէ մարդոց ընծայես անձդ բարեսիրտ,
Որ անձդ չդառնայ ոտքի կոխան.
Բարեկամութեան սիրոյն յետ այնու
Չըլլաս քաւութեան նոխազ մը ողորմելի:
Ես հասկցայ
Որ մարդիկ դիմակներ հագած
Կը շրջագային հոս ու հոն,
Միշտ վարժ են երկու երես կրելու,
Ատակ են դիմակ ու շապիկ փոխելու,
Ինչպէս ատակ են բարեկամներ
Գնելու եւ ծախելու,
Որ կեանքը առեւտուր է ինքնին,
Ու աշխարհը՝ շուկայ մը այս առթիւ:
Ես հիմա գիտեմ
- Յուսա՜մ ոչ այնքան ուշ -
Որ միայն սէրն է
Գերագոյն միակ ճշմարտութիւնը՝
Այս անհեթեթ ու անցաւոր կեանքին.
Սիրողին համար ստրկացնող գործիք է,
Զինք կործանող միջոցն է ապագայի,
Որ այս մեծ շուկային մէջ բաբախուն,
Ամէն րոպէ մարդիկ անոր անունով կը խօսին,
Անոր անունով կը փառաբանուին...
Ես հիմա կը հաւատամ
Ո՜հ, կը հաւատամ խորապէս,
Որ կեղծ են մարդոց ժպիտները,
Շահարկութիւն են բարեկամութիւնները,
Անցողակի են մարդկային յարաբերութիւնները,
Ճշմարտութիւնը՝ երբեմն աղջամուղջին մէջ կորած
Սակայն միշտ լուսափայլ աստղ է,
Առաւօտեան արշալոյսն է,
Ի վերջոյ յայտնուելու…:
1989