ՅԱՄԵՑՈՂ ՅՈՒՇԵՐ

Անձկութեան ու խոկումի այս պահերուն յամրընթաց,

Կալանաւորն եմ երէկի սէրերուս, անմար յուշերուս,

Նուիրական այն բոլոր էակներուն,

Որոնք երէկիս տարտամ թափառումը

Վերածեցին կապոյտ ու հրավառ հորիզոններու

Ճառագայթումի՝ սրտիս յետին խորերը թափանցող,

Ու հոն արարեցին երանութեան անհուն պահեր,

Որոնք անցեալս սրբագործեցին

Օրհնեալ պահերով ու խոնաւ տարերքով...

Երեկոյի միայնակ ու անխօս այս պահերուն,

Ծարաւն ունիմ անցեալի անփոյթ սէրերուս,

Որոնք բախտաբեր գիշերներ յայտնուեցան,

Դառնալու վկայութիւնը սիրոյ ուժին,

անոր սիրոյ հրաշքին ու փառքին,

Դրոշմելու անկորնչելի կնիքը իրենց հրայրքին

ու կիզող վշտին՝

Իմ սիրավառ, մշտաբորբ էութեանս վրայ...

Յուշերու ոգեկոչման այս երկունքի պահերուն

Կ’երգեմ փառքը հին ու հեռաւոր սէրերուն,

Ովկիաններէն անդին նետուած, կորսուած,

Կամ խորհուրդ ու երազ դարձած

Պայծառ յիշատակը երբեմնի սէրերուս,

Որոնց յայտնութիւնը եղաւ փարոս լուսեղէն

Տուաւ ինծի նորոգ մղում ու խայծ յարուցեալ...:

1987