ՄՌԱՅԼ ՕՐԵՐ

Սիրտս կրանիթեայ ժայռի է նման,

Կոտտացող վէրքին թէժ արեամբ քարացած.

Օ՜հ, արդարութի՜ւն աղերսող ժամանակներ,

Ինչո՞ւ այսքան դաժան եղաք մարդուն տարաբախտ։

 

Ծաւի երկնքին շունչը սրբազան

Պիտի իջնէ՞ երկրին վրայ հրավառ, բերէ՞ պիտի Ժպիտ, խաղաղութի՛ւն ու կապոյտ երազանք.

Ինչո՞ւ աշխարհ վերջնագրերու դիմաց է կանգնած.

 

Մռայլ են օրերը, կեանքը՝ երկունք ցաւատանջ,

Կսկիծ ու տառապանք՝ տարերքի նման, համատարա՜ծ... Համաճարակի նման կը տարածուին վարակներ ու վիշտ համակ,

Սա՞ էր միթէ նպատակը անհրապոյր վէպին, որ մնաց անաւարտ։

 

Ի՞նչ մնաց վճիտ երազներէն, զորս հիւսուեցան տարիներ երկար։

Պատրանք էր ինքնին կեա՛նքը, որ ապրեցանք։


2020