ՄՂՁԱՒԱՆՋ
Հզօ´ր է չարին աստուածը ու միշտ յաղթակա՜ն.
Գիշերին մէջ գիտէ ճարպիկօրէն դաւել իր զոհին
Ու սառնասրտօրէն գործադրել իր ոճիրը օր ցերեկին.
Վախազդու են գիշերները՝ լուռ ու երկա՜ր...
Ո՜հ, կը դաւեն անմեղին արեան հեղումը բազմաձեւ,
Կը դաւեն՝ հեռակայ եւ մօտակայ ոստաններէն
Ճակատագիրը մարդոց գիշերին մէջ քնած.
Այսօրն ալ եթէ աւարտի վատ մղձաւանջի նման,
Վաղը պիտի մնայ հարցակա՜ն մը՝ ցաւատանջ.
Գի՜նը վաղուան՝ ո՞վ պատրաստ է վճարելու կրկին անգամ...
Պիտի գան սերմերէն չարիքի
Նոր պատերազմներ մահաշունչ՝
Այնքան ատեն որ ատելութիւնը կը մնայ տիրակա՜ն...
Այնքան ատեն որ պատերազմին հաւատացողներ դեռ կան…
2006