ՄԻ´ ՓՆՏՌԷՔ ԶԻՍ ՀՈՆ

Մի´ փնտռէք խոցուած հոգիս

Լեռներուն ու կիրճերուն մէջ հայրենի,

Հոն քարացան թեւերն իմ երազանքիս,

Հոն լռեցին երգերն իմ հէք պանդուխտի,

Ճախրանքը ազատ, ոգեղէն սլացքիս՝

Ջախջախուեցաւ, տխուր առաւօտ մը յուլիսի:

Ես կը փոխեմ կողմնացոյցը թռիչքին,

Հեռո՜ւ՝ խաբկանքներէն խորտակուած

Ու գրաւներէն յուսաբեկ.

Ամայի ու լերկ լեռներէն կը մխայ վերջին

Թափառումներուս տարտամ ուղին յարդգողի.

Թող ո´չ ոք ցաւի, պահէ քէն կամ ոխ,

Թող չարտասուեն խրոխտ սարերը արծուեբոյն:

Ողբն ու ճիչը կը կրծեն զիս ուժգին,

Ես կը քանդեմ հաւատքիս բերդը վերջին,

Պատրանքն անոյշ իմ հոգիին՝ մեռաւ ընդմիշտ…

Ալ մի´ փնտռէք զիս հոն, ո՜հ ոչ,

Վիրաւոր իմ հոգին արդ կը սաւառնի այլուր…

2017

ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 27-2017, էջ 21: