ՄԻ՛ ՄԱՐԷՔ ՃՐԱԳԸ ՄԵՐ ՏԱՆ

Ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց մեզ,

Ու թանձր ընկճախտ տիրեց մեր հոգիներուն,

Յուսալքութեան ընկճախտը տնաւեր։

 

Կաղնիի տերեւներ դարձան մոխիր,

Յանգեցան ճրագները մեր տան,

Դարձանք ովասիս մը տարտամ,

Ու մոխրացան բոլոր երազները յանկարծ։

 

Ե՞րբ մարաւ շողը մեր աչքերուն,

Յանգան ծխնելոյզներէն՝ ծուխերն սպիտակ,

Ե՞րբ մարաւ կամքը մեր վերջին խօսքի,

Ու լռեցին ղօղանջները հաւատքի տան.

 

Ո՞վ տուաւ ազդանշանը նահանջի,

Պարտուողական այս ոգին ո՞վ թելադրեց։

Չէ՞ որ հրաշքներ դեռ կը կատարուին մեր շուրջ,

Նոր շունչ ու ոգի կը թեւածէ չորսդին,

Ու հայուն կռիւը կը շարունակուի.

 

Մի՛ թմբկահարէք սին լօզունգներ անցողիկ,

Թէ՝ ա՛լ աւարտն է մեր երթին ու կռիւին,

Չհաւատաք, թէ մեր արեւը կը շիջի։

 

Հայուն միտքն ու բազուկը պիտի երկար թեւածեն։

Երբ լռեն ժանգ կապած փողերն, ու մարդիկ սին, 

Մեր ճակատագրի վճռական այս փուլին,

Կը համոզեն, թէ կառաջնորդեն յաղթանակի.

Անոնք մեզ կը տանին անկման վիհին։

 

Մի՛ հաւատաք անոնց, որոնք կը լռեցնեն ղօղանջը

Սարդարապատի թէժ մարտի դաշտին վրայ.

Մեզ դեռ կը սպասեն նո՜ր սխրանքներ, կռիւ ու պայքար,

Միայն թէ չմարի հաւատքի ճրագը մեր մե՜ծ երազին...։

 

Մի՛ մարէք ճրագը մեր տան։


2021