ՄԻ՛ ՀԱՐՑՆԷՔ
Մի՛ հարցնէք՝
Ինչո՞ւ կը սիրեմ զինք։
Կը սիրեմ խենթի պէս,
Ինչպէս սիրահարուած զոյգը, ջերմ ու երազկոտ,
Հակառակ
Փորձութիւններուն անսպառ,
Տնքացող ցաւերուն ողբաձայն,
Տարօրինակութիւններուն անհամար,
Անոր օտարամոլութեանը՝ անսովոր,
Ծիներուն մէջ գալարուող ոխին ու ատելութեան,
Չբուժուող սպիներուն ցեղային
Ու ողբին, որ ո՜ղբ չէ միայն, այլ եղերե՜րգ,
Դարերուն հետ կուտակուող աղի արցունք,
Արեան հեղեղներու գետ է վարար,
Չաւարտող տրամ է ու ողբանուագ,
Կսկծացող մայրերու եւ քոյրերու բանակ է լո՜ւռ,
Ու պաստառ՝ տողանցող շիրմաքարերու,
Անթիւ խաչքարեր, յուշակոթողներ անհամար,
Մոռցուող անուններ բիւր, աստղայոյլերու խմբաքանակ՝
Միշտ անմեռ, լուսապայծառ, տխրաշունչ...
Կը սիրեմ զինք, խենթի մը նման։
Աւա՜ղ, կը սիրեմ հեռուէն,
Աւելի անկեղծ ու զուլալ սիրով,
Քան շատեր, որոնց իր ճակատագիրն է վստահեր,
Կոյր ու անզօր հաւատացեր։
Անոնք սիրեր են բնութիւնն իր հրաշք,
Ո՛չ հողն ու հուրը արեւին,
Սիրեր են անքրտինք վաստակի,
Համն ու հոտը թալանի,
Բայց ոչ փառքն ու ժպիտը ցեղին,
Անհուն երազա՜նքը իր որդիներուն ...
Մի՛ հարցնէք՝ ե՞րբ եւ ո՞ւր վերջ պիտի գտնէ
Տառապանքն անոր,
Փշրուող երազանքը յարատեւ,
Վերջն ու լուծումը, հակառակ
Անոր վերաճող սխրանքին
Ու գոյատեւող հին հրաշքին.
Մի՛ հարցնէք՝
Ինչո՞ւ կը սիրեմ ես զինք։
Պիտի սիրեմ քեզ,
Հայաստան աշխարհ,
Երկիր դրախտավայր։
2021