ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ
Լռե՞նք, մինչեւ ե՞րբ... Լռենք ու անտեսենք
Մեղքերը ձեր, գահավիժումն այս անվերջ,
Մինչեւ ե՞րբ կեղեքուինք, խոնարհինք,
Լո՜ւռ համակերպինք ձեր կամքին։
Մինչեւ ե՞րբ տեսնենք ու լռենք,
Ձեր նոխազն ըլլալու կամքը հանդուրժենք,
Մնանք լո՜ւռ, անտէ՛ր, անտարբեր։
Ո՞ւր մնացին ճակատներ խարանող
Սեպերը մահապարտի, որ փշրեն գանկերը ձեր,
Կասեցնեն արեան հոսքը անվերջ. ո՞ւր են։
Մինչեւ ե՞րբ լռենք, պարտկենք կեղեքումն այս մաղձահոս,
Մինչեւ ե՞րբ ձեր խօսքերուն հաւատք ընծայենք.
Պիտի գա՛յ օրը,
Վար շպրտենք ձեզ պատուանդաններէն,
Ժամանակի աղբանոցը նետենք,
Պիտի գա՛յ օրը Հաշուետուութեան, Նոր զարթօնքի։
Պիտի տեսնե՛նք յիրաւի օրն այդ անրջային...
2018