ՄԻ՞ԹԷ ԲԱՒ ՉԷ...
Մի՞թէ բաւ չէ, մեր ցաւ ու ողբի ետին
Տեսնենք միշտ թուրք ոսոխը ոխերիմ,
Մենք զմեզ չքմեղելու, պարտկելու տեղ
Դարձնենք զայն չարիք ու պատուհաս։
Բայց ո՞վ չի գիտեր, մանո՜ւկն անգամ գիտէ
Հայուն հանդէպ տածած թուրքին վրէժը, Եղեռնը վկայ,
Երբ օրն ի բուն կը շեփորենք յարութիւնը մեր յաղթական
Ու պայքարի դրօշ պարզած՝ կը պահանջենք հատուցում...։
Մի՞թէ բաւ չէ մեր միամիտ պատրանքներուն մէջ սնոտի, Չտեսնենք ոսոխը, ինչպէս կարիճն մահախայթ
Կ’որոնէ առիթները դարանակալ, պատուհասելու
Նոյն ճակատագիրը անցեալի, թէկուզ քօղարկուած։
Ա՜լ կը բաւէ մեր ձախորդութեան ու սուգին ետին
Թշնամի տեսնել միշտ թուրքը որպէս ոսոխ անողոք,
Երբ մեր հոգիներուն մէջ դասալիք ու պարտուած,
Ոգիի ու մտքի մերկութեամբ մը անդէմ,
Մենք մեզ պատուհասելով կը գերազանցենք զիրար,
Պատմութենէն դասեր չքաղելուն մէջ
կը մնանք անմրցելի։
2016