ՄԹՆՇԱՂԻ ԳԵՂՈՒՀԻՆ
Զիս զննողը կրքոտ աչքեր չէին լոկ.
Ադամանդափայլ զոյգ գոհարներ՝ արեւախանձ.
Մեղրահոս աղբիւրին նման՝
Հրաշէկ աստղեր էին հրահրուն:
Ճանչնալու համար սիրոյ տարփանքը,
Հարկ էր այդ աղբիւրէն յագենալ,
Անոր աւիշով սնանիլ.
Մերձենալ անոր հոլանի կուրծքերուն,
Զերդ լեռը ճեղքուած, որուն
Խորքը կը հանգչին հանքերը ոսկիի.
Հարկ էր պեղել ու մխրճուիլ հոն՝
Ըմբոշխնելու համար արեւափառ
Տարերքը իր հեթանոս ներքինին.
Մոխրագոյն զգեստին տակ,
Մարմինը հոլանի
Հայելի մըն էր մոգական,
Ամէն շարժումի,
Նոր գրգիռ ծնող,
Նոր հմայք յայտնաբերող.
Տռփութեան դիցուհին էր ան,
Զոր ճանչցայ, հեթանոս երբ մկրտուեցայ:
Իսկ երբ շրթներուն հուրով գինովցայ՝
Ա´լ խելագար երգիչը դարձայ.
Գիշերներս արծարծ պահող.
Յետ այնու մշտավառ կանթեղս եղաւ ան:
Հիմա, երբ կը յիշեմ զինք,
Հոգիէս հոսող աղբիւրն է արագավազ,
Որ կը թափի մտքիս անջրդի անդաստանին,
Մոլորեալ լեզուիս նոր սխրանք տուող,
Ու սիրոյս՝ նորոգուող անմահութիւն:
1983