ՄԵՐ ՆՈՐ ԵՐԳԸ

Դա՜ր է անցեր մեր գլխէն,

Ահաւոր դար յիրաւի՝

Եղեռնի,

Գաղթի, Սովի,

Լո՜ւռ հառաչանքի,

Ընկրկումներու՝ անթուելի,

Բայց եւ գոյատեւման կամքի,

Յարութեան կիրքի։

Կործանումի բովէն անցեր

Ու ապրեր ենք կրկին,

Հայուն հրաշքն է երեւի։

Ցանկացեր ենք լոկ

Ապրիլ խաղա՜ղ,

Արարե՛լ միմիայն, ազա՜տ, հպա՜րտ։

 

Բայց խլեր են մեզմէ իրաւունքն այդ մարդկային,

Դաւեր են նենգօրէն դաշնակիցներ կարծեցեալ։

Դաւեր են մեզ բոլո՛րը, հեռո՜ւ եւ մօտիկ,

Փորձեր են գերել, տիրել մեզ

Ու զոհեր մեզ բոլո՜րը, անխտի՛ր։

 

Դա՜ր է անցեր,

Ահաւոր դար

Պայքարի, սուգի, ընկրկումի,

 

Բան չէ փոխուեր երէկէն այսօր։

Աւա՜ղ, նոյն ապերախտ ու երկդիմի,

Ոխերիմ ազգերն են անխտիր։

Հաւատացեր ենք ու դաւաներ

Բոլոր արժէքները համամարդկային։

Օ՜հ, սո՜ւտ աստուածներ ենք պաշտեր

Մենք երկա՜ր ժամանակ։

 

Անկցի՛ն թող արժէքներն այդ դրածոյ,

Մեզ պէտք չե՜ն այսուհետեւ,

Կեղծ խօսքերը «ենթադրեալ բարեկամին»,

Ո՛չ ալ սուտ ցնորքը ճառերու երկդիմի։

Թող կործանին բոլորը, դաւող ու գերող միշտ,

Թող կործանի տաճարն իրենց գլխուն,

Մեհեաննե՜րն ալ անոնց փո՜ւճ աստուածներուն։

Արդ, պիտի հաւատանք միայն մեր ուժին,

Հի՜ն աստծոյն, որ արեան ծարաւով մկրտէ մեզ,

Առաջնորդէ  կռիւի, ատելութեան ու վրէժի...

 

Մեր երգն այսուհետեւ եղերերգ չէ՜,

Յուշ, խունկ ու աղօթք չէ՜,

Մեր երգն այսուհետեւ վրէժատենչ պատգա՜մն է,

Վրէժի ծարա՜ւն է, այս դարու ուխտն է,

Ու պաշտամունք ոխի, վրէժի աստուածներուն միայն...

 

2021