ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ

Կ’ըսենք՝ հողն է կարեւոր,

Կ’երգենք՝ երթանք մըր երկիր,

Բայց ե՞րբ պիտի երթանք մըր երկիր...

 

Հողը հո՜ն է, կը տնքայ մինակ,

Դաշտերը ամայի կ’արտասուեն լռելեայն,

Գիւղեր ու աւան կը սպասեն ձեր դարձին...

 

Կ’ըսենք՝ ազատագրեցինք  հողը սրբազան,

Յաղթեցինք թշնամիին բիւրապատիկ,

Մերն է Արցախը, չենք տար ուրիշին...

 

Բայց երբ ամայի են արտերը, հողը՝ անմշակ,

Երբ կը ճառենք որոտաձայն,

Կը սպասենք պահին բարենպաստ,

Մեր թշնամին կը սրէ ատամ, արեան հոտը ռունգերուն...

 

Կ’ըսենք՝ հողն է կարեւոր,

Բայց հողը կը տնքայ հոն առանձին,

Թշնամին արեան հոտին է ծարաւ...։


2016