ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԿԻԿԵՐՈՆՆԵՐՈՒՆ...

Արջերու նման գազազած,

Պարահարթակին վրայ միայնակ,

Ջերմախտի բռնուած տատանուող թենորի մը նման,

Կերգեն իրենց կարապի երգը տխուր

Մեր քաղաքի տրիբունները ջղագար...

 

Անո՛նց ահա երկու խօսք, ո՛չ վերջինը իրաւամբ,

Զի նմաններն անոնց պոռոտախօս, հարթակէն վար իջնելու

Ինքնածին համեստութիւնը չեն վայելեր անկասկած։

 

Դուք պիտի չսորվի՜ք լռել, «սոփեստնե՜ր»  իմաստակ,

Երբ լռութիւնը գուցէ ձեզի համար ըլլար

Ծածկոյթ մը բախտորոշ, այլեւ ամպհովանի մը

Ձեզի հասցէագրուած ձեր անթիւ, անհամար մեղքերուն.

Զգաստութեան  հրաւէրը անկեղծ, շնորհ մըն էր ձեզի տրուած,

Բայց դուք ընտրեցիք շրջապատի անէ՛ծքը լկտիաբար.

 

Ձեզ կոչեցինք Յուդայի որդիներ իրաւա՛մբ,

Զի դուք անոր որդիներն էք հարազատ,

                               ու արենակիցը՝ խաբեբայ...

Ձեզի զոհեր են պէտք մնայուն, տեսակաւոր,

Բայց սխալ մխրճուած են ձեր ժանիքները թունացայտ,

Զի ապառաժին վրայ երկնամերձ, պիտի ջարդուին

Ձեր գլուխները կարծրատիպ ու սայթաքուն ձեր քայլերը մոլորած...

 

Ողբա՛, աշխարհ,

Տակա՜նքն է՝ միս ու ոսկորի կերպարանք հագած,

Ծեքծեքուն քայլերով կը տողանցեն թափօրն ի վար,

Որձեւէգ քամելէոններու, ու յարդադատարկ պարկի նման,

                               որ կը պարէ հովին ու սիւքին դիմաց։

 

 

Դատարկութեան ձայնը վախազդու է, գայլին ոռնոցին նման։

Զգո՜յշ։ Չարին ոտնաքայլն է, սատանին գալստեան ընդառաջ.

Կը թափահարէ ձեռքերը ամբոխին մէջ, քոսոտ ակնածութեամբ,

Իր փառասիրութեան յագուրդ տալու սնապարծ մոլեգնութեամբ։

Դատարկութեան չափանիշը իր թաւ լեզուն է, գրգռոցի նման, 

Խորերէն եկող մեռելատիպ ոգիներու խժալուր քրքիջն ինչպէս։

 

Ողբա՛, աշխարհ,

Զի տականքն է միս ու ոսկորի կերպարանք առած.

Մարդկութեան թափթփուքներն են, «սոփեստ» տրիբուններ դարձած,

Անոնց ճակատը մուր, քծնանքի, կեղծիքի կեղտոտ դրոշմն է պատած,

Անոնց ժպիտը հեգնոտ, դաւերու մրմունջով մշուշուած,

Անոնց լեզուն մաղձոտ, վիժած թոյնն է իրենց հոգիին գարշահոտ,

Անոնց ձայնը կոծ ու կական, բարբանջանքն է

                               օձազգիներու գետնաքարշ

Ու յամառ անասուններու զռաձայն ոռնոցը աղիողորմ.

 

Իջէ՛ք վար բեմահարթակէն, մերօրեա՜յ վաշխառուներ,

Դուք ձեզ ճարտասան յաւակնող նողկալի՛ պիծակներ,

Ռասբութինի նման երկդիմի, ընդհատակեայ սողուններ...

 

Դուք պիտի չսորվիք լռել, մերօրեայ ընչաքաղցներ, 

Սորվիլն ալ առաքինութիւն է ունեցողին համար միայն։

Դուք, անյոյս ուրուականներ էք, տժգոյն ու տձեւ,

Որ կործանման կերթան արդէն, վասն աշխարհիս մաքրութեան...

 

2009