ՄԵՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Երազներս ինձմէ շատ հեռո՜ւ են հիմա.
Շա՜տ հեռու եմ ես՝ երբեմնի տեսիլքներէս.
Կարծէք ուրիշ կեանք կը վարեմ:
Անցա՜ն հին օրերը, պատանի պատրանքները,
Կեանքը նոր օրէնք ու հիմք կը զգենու հիմա:
Անհետ գացին ճշմարիտին ու վսեմին ձգտումը,
Այժմ ձգտումն է մրցակցութեան, դրամի, ուժի,
Մղում մը՝ հակադիր եզրերու հանդիպման...:
Նոյն հարցը կը չարչրկէ զիս.
Ի՞նչ չափանիշով դիտեմ գոյութիւնս,
Ի՞նչ արժեչափով դատեմ ներկաս:
Խոստովանի՞մ, որ բոլորովին սխա´լ ուղի
Մըն է, որ կը կտրեմ գիտակցաբաʹր.
Ընդունի՞մ, որ ակամայ կ’երթամ
Հո´ն, ուր սխալ կը դաւանիմ:
Վերջապէս, ընդունի՞մ, որ այլ կերպ չկայ...
Թէ՞ այդպէս է կեանքի օրէնքը՝
Հինէն ի վեր, ու ես նոր զոհը՝
Կեանքի մեծ խաղին, օրէնքներուն...
Թէ՞ հարկ է ընտրեմ այլընտրանք մը՝
Որուն անծանօթ եմ ու անկարո՜ղ...:
1985