ՄԱՐԴ ԵՍ

Մարդ ես, պիտի հաւատաս, խաբուիս երբեմն,

Հեշտ չէ զանազանել ճիշդը սխալէն, ի վերջոյ,

Պիտի իյնաս, կանգնիս ու խաբուիս կրկին,

Անկեղծն ու սուտը գուցէ տեսնես օրուան աւարտին։

 

Մարդ ես, կը սխալիս, պիտի զայրանաս երբեմն,

Քիչերուն է տրուած ըլլալ խոհուն, արթուն,

Կեանքի փորձութիւններուն յաղթել հեշտ չէ ամենեւին,

Ի վերջոյ, մարդը միշտ կը սխալի ու կը խաբուի։


2022