ՄԱՅՐԱՄՈՒՏ

Մենք կ’երթանք մեր պատմութեան մայրամուտին,

Ստեղծագործ միտքը մեր զոհած խաւարի դահիճներուն։

Շիջած է հիմա փարոսը մեր պայծառ երազանքին,

Հրաշագործ հայու ոգին մտած է իր խո՜ր մահաքունին։

 

Աւա՜ղ, կ’երթանք մեր պատմութեան մայրամուտին,

Կքած են սարերը արծուաբոյն, կաղնիները հազարամեայ,

Խիղճն ենք հանած վաճառքի ոստաններով թափառական,

Կը շրջինք մոլոր, քանզի կ’երթանք մեր մայրամուտին։

 

2021