ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԲՈՑԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅԻՆ
Երկիրն էր պատած սպիտակ քօղը մշուշի,
Ու երկինքը՝ հուր բոցավառ, բոսոր կարմիրի,
Խաւար երկնքին կարմիր մուժ էր կատաղի,
Մայիսեան խորհրդաւոր երեկոյ մը, գարնանային։
Էր ժամանակ, երբ յաղթանակի հրավառութիւնն էր
Երկնքին ու երկրի վրայ տիրական, խորհո՛ւրդը օրուան։
Էր ժամանակ, երբ փառքի ու յաղթանակի ճիչն էր՝
Ամբոխին սրտերէն երկիրն ու երկինք կիզած.
Հիմա դառնութեան սպիտակ քօղն է հոգիները գրկած, Հառաչանքներէն երկինք բարձրացող խորշակն է
Տիրական, մայիսեան այս գիշերին մեր հոգիներուն ճնշած,
Իսկ ամբոխին փառքն ու յաղթանակը՝ երէկի յուշ դարձած։
Ու յանկարծ փայլատակեց երկնքին ընդերքէն աստղ մը
Լուսեղէն, պայծառ ու հզօր. հայուն աստղն էր հրեղէն,
Նոր շունչ փչեց երկնքին մէջ հրավառ, յոյսը գալիքին,
Յաղթանակներու շունչը հզօր ու բոցավառ,
Նոր մայիսեան սխրանքներու շունչն էր հրեղէն երկնքին...
2022