ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

Ճակատագրուած է ինծի ըլլալ մե՜ծ՝

Հոգիով, տառապանքով...

Այնքա՜ն մեծ, որ բաւէ բոլորին,

Բայց չբաւէ միայն մէկուն, մասնաւորին,

Բոլորն ալ մնան մասնաւոր ու եզակի,

Գերեն զիս ամէն ժպիտի, գգուանքի,

Ու վերածեն հէք սիրահարի...:

Ճակատագրուած է ինծի սիրել շատեր,

Ու կորսնցնել մէկ առ մէկ զանոնք...

Սպասել անձկութեամբ մը մէկուն,

Ու ապրիլ բաժանման դառնութիւնը դժխեմ...:

1985