ՂԱՐԱԲԱՂ
Պոկուած մայր հայրենիքէն,
Ինչպէս երեխան իր մօրմէն,
Կ’ապրիս ո՜րբ, մեկուսիʹ,
Ոսոխ թուրքին մականին ներքեւ:
Ցաւով կը մտաբերեմ քեզ.
Անկարող՝ վէրքերդ բուժելու,
Հոգւոյդ կսկիծը ամոքելու,
Կը զգամ անհո՜ւն դառնութիւնը
Եւ խո՜ր յուսախաբութիւնը,
Որ բոյն է շինած քու մէջ:
Քեզմէ հեռո՜ւ, օտարացա՜ծ,
Ի զուր յոյս ես դրեր մեր վրայ
Այսքան ժամանակ...:
Մինչ ամէն օր, թշնամին ծոցդ նստած,
Քեզ կը պարպէ, կ’ամայացնէ դաշտերդ անտէր...:
Ու կը սպասես, ինծի նման,
Վաղուան բախտորոշ ճակատագրին՝
Հաւատքով, կարօտի արցունքներով,
Մի գուցէ ոճիրը հատուցուի
Ու վերադառնաս ակունքներուդ հարազատ,
Որոնց անքա՜ն կարօտն ունիս:
Ու դարձեալ կանգնիս մեր դիմաց,
Որպէս կաղնի մը կանաչազարդ,
Խորհրդանիշը մեր յաւերժութեան...:
1985