ՁԵՐ ՏՈՂԱՆՑՔԸ ԱՊԻԿԱՐ

Կ’անցնիս բեռներու տակ կքած,

Կարծես աշխարհ մը ուսերուդ շալկած.

Դուն, համեստ զաւակը այս քաղաքին,

Որ կը կրէ անդուլ, մարդոց բեռը անճարակ։

 

Դուն հաւատաւոր խենթն ես այս քաղաքին,

Որ գիտէ սպասել վաղուան արշալույսին,

Երբ արշալոյսն անգամ քիչերուն

Վրայ կը ծագի, բայց՝ ոչ քու, խե՜ղճ ապիկար։

 

Առանձին չեղա՜ր այս քաղաքին մէջ անարժան,

Աշխարհն իրենց ուսերուն շալկած ջորիներուն նման,

Նմաններդ ծաղրուեցան, անցան գացին,

Մենք դիտեցինք ձեզ համօրէն երկար։

 

Դուք եղաք համր ձայնը, իսկ մենք՝ ժայռը,

Որուն բախեցաք՝ արձագանգ մը չձգած։

Լոկ յուշ մը մնաց ձեր տողանցքէն ապիկար,

Որուն հետքերը ի վերջոյ պիտի անհետին աննշմար,

 

Երբ արեւը ծագի կրկին մեր վերեւ։


2018