ՀՈՂԻՆ ԿԱՆՉԸ
Նայուածքս սեւեռած Մասիսի պատկերին,
Ես՝ պանդուխտ մը կարօտաբաղձ,
Հարց կու տամ ես մեղմաձայն...
Մինչեւ ե՞րբ քալենք պիտի
Օտար ամայի այս ճամբաներէն...
Մինչեւ ե՞րբ անտեսենք պիտի
Հարազատ կա՜նչը հողին,
Կա՜նչը, որ կու գայ հեռուներէն,
Ամայացած Կարսէն ու Վանէն.
Թուրքին լուծին տակ կքած Կարինէն, Անիէն,
Մեր հողէն հայրենի:
Լուռ ենք ու անտարբեր.
Դաւաճան մըն ալ ե´ս,
Որ կը փորձէ մարել հուրը՝
Հայրենաբաղձ ցանկութեան...
Որ, տակաւ առ տակաւ,
Կը սպաննէ իր մէջ խի՛ղճը ցեղին,
Վայելելու օտար աստղեր ու բարքեր,
Որոնք չեն կրնար լուսաւորել
Կարօտի տենդէն կուրացած հոգիներ:
Կը շնչեմ արիւնաթաթախ հողը,
Որուն հաւատարմութեան ուխտ ենք ըրեր,
Անոր խորհուրդով ապրելու,
Անոր մշտաբորբ տարերքով գոյատեւելու...
Օտար ենք դարձեր մեր ներքին ձայնին,
Հաշտուեր՝ մեր համակերպ նահանջին:
Երբ արթննանք պիտի մեր թմբիրէն խոր,
Ըսենք մարդկութեան ու մենք մեզի.
-Ա՜լ հերիք է.
Ե՞րբ...
1982