ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՔԱՄԻՆ
Ես կ’ատե՜մ հիւսիսային քամին,
Որ կը բերէ ե՛ւ բուք
Ե՛ւ ձիւնախառն մրրիկ
Ե՛ւ ամպեր խանդոտ,
Մրրկայոյզ իր փէշերը տարածած
Կը տիրէ մեր չքնաղ աշխարհին։
Ես կ’ատե՜մ հիւսիսային կատաղի քամին,
Որ հին ժամանակներէն՝ մեր երկնքին վերեւ,
Անհիւրընկալ ամպրոպի նման գերեր է մեզ՝
Իր գրաւիչ սարսուռին,
Իր ահին ու սարսափին երկիւղը սփռած չորսդին.
Օ՜հ, քամի հիւսիսի, զերդ քինոտ Շամիրամը հարաւի,
Դարեր ու դարեր գերեվարեր ես
Մերթ քու նազանքով, փայփայանքով,
Մերթ ալ՝ մտրակի ահեղ շաչիւնով։
Կ’ըսեն՝ մի՛ ատեր, սիրել կայ։
Ու սիրեր են քեզ շատեր, հարբած՝ միտքով եւ հոգւով։
Եւ ուրիշներ տեսեր են քու մէջ թաքուն չարը դարերու,
Ու դուն կաս մեր երկնքին վերեւ
Եւ ոգի՜ փրկարար, եւ խաբկա՜նք արշալոյսի...
2020