ՀԻՆ ՍԷՐԵՐՈՒՆ
Կը հաւատամ,
Որ սէրերը հին
Կը մոխրանան թէեւ ժամանակին հետ,
Կ’անթեղուին անցեալին մէջ,
Բայց չի մարիր կայծն անոնց,
Կը մնան եթերին մէջ ծփո՜ւն
Ու անտո՜ւն։
Անոնք կը յամենան անկի՜ւն մը մթին,
Անակնկալ պահերու յանկարծ կը ցցուին,
Խենթ գիշերներու հրեղէն ասուպին նման։
Ու երբ ցցուին անկո՜չ, պատահաբար,
Կը բռնկեն մոխիրներ մարած,
Կը խռովեն հոգին մարդուն,
Կարծես ըլլային լաւա հանգած։
Կը հաւատամ,
Որ սէրերը հին
Կ’ապրին յաւիտեա՜ն,
Մահէն ալ անդին։
2021