ՀԻՆ ԵՐԳԸ ԿՐԿԻՆ
Կորուսեալ դաշտերէն, արնավառ,
Ու շնչահեղձ լեռներէն, ծուարած,
Կը լսուի տխուր երգը դարերուն,
Հին երգը երկնահաս մեր մայրերուն,
Տխրահունչ երգը կռունկի, կը կանչէ տուն
Իր կորուսեալ որդիները հարազատ։
Տէր Զօրի արեւախանձ աւազներէն
Մինչեւ Աղթամարի ու Մշոյ սուրբ Կարապետի գմբէթներէն
Ղօղանջող երգին կը միանայ աղաղակող ճիչը Դադիվանքի
Եւ խոցող եղերերգը խոշտանգուա՜ծ սուրբ Ամենափրկիչի։
Նոյն երգն է կռունկին, նոյն ցաւի, կորուստի,
Նոյն վշտաբեկ երգը հայուն, ամէն ժամանակի։
Ալ բաւ է այսքան տառապանք ու մորմոք,
Յաղթանակներ երգած - պարտութեան լեղին ճաշակած,
Իր տեսակը գովերգած - դաւաճանած անոր միշտ,
Ոչի՛նչ սորված, փառքը առաջնահերթ դասած,
Ու ամէն ողբի՝ թշնամին նկատած պատուհաս ու փորձանք։
Բա՛ւ է պատմութիւնը կրկնէ ինքզինք միշտ,
Մնանք նոյն տեսակը կարծրատիպ հայու, վիրաւո՜ր միշտ։
Ժամն է գրկել խորհուրդը դարերուն, նայելու առաջ,
Կռունկի ողբը փոխարինենք քայլերգով մը յաղթական։
2021