ՀԻՆ ԵՐԳԵՐ, ՆՈՐ ՎԷՐՔԵՐ

Ինչ որ գրուած է, պիտի ըլլայ։

Վարժ ենք օրերու սեւ ու սպիտակին,

Ու հաշտ՝ անվերջ մաքառումներուն հոգիին։

Պարզ է մէկ բան,

Գերին ենք ու բախտակիցը ճակատագրին,

Խորթ զաւակներն ենք այս որձեւէգ աշխարհին։

 

Ինչ որ գրուած է, պիտի ըլլայ։

Ի վերջոյ մահկանացու ենք,

Անարդարին, մեծերու խաղին զոհն ենք,

Կեանքի տառապանքին բաժնեկիցն ենք,

Յստակ է մէկ բան ու անշրջելի,

Աննշան հիւլէ ենք, տիեզերքի մոխրացող փոշին ենք։

 

Ինչ որ գրուած չէ տակաւին, պիտի գրուի,

Պիտի գրուին կոտտումները մեր ժողովուրդին,

Անցնին պիտի դարեր, ու ապրին

Սերունդները գալիք, նո՜յն վէրքերը հին՝

Մի՞թէ ոչի՜նչ պիտի փոխուի,

Պիտի երգենք նոյն երգերը հի՜ն, յաղթանակի ու վէրքի,

 

Ու ըսենք՝ փոքր ածու ենք, մե՜ղք ենք,

Ի վերջոյ մարդ ենք, կը սխալինք...


2022