ՀԻՆԳԵՐՈՒ ԲԱԳԻՆԸ
Լիզպոնի տղոց յիշատակին
Երէկ,
Հինգ նոր զոհեր ինկան
մարտի դաշտին վրայ.
Տեսիլքի վկաներ՝ անոնք շրջեցին
ընթացքը պայքարին:
Որքան դաժան էր ելքը ընտրանքին,
դաժա´ն ճակատագրին,
Եւ սակայն, անոնք նոր էջ մը բացին
հայոց դիւցազնավէպին:
Որքան անգութ ու անտարբեր մարդկութեան դիրքը՝
արդարութեան կանչին,
Նոյնքան վճռակամ հայուն կամքը՝
անոր բարեշրջումին:
Պիտի գայ օրը, արար աշխարհ ողբայ
պիտի ցեղիս տառապանքը,
Ողջակիզումը, որ նպատակի ճամբուն վրայ
գիտէ արեան գետեր ծորել։
Պիտի գայ օրը, երբ ողջ մարդկութիւնը խոնարհի´
պիտի միլիոններու բագինին առաջ,
Ու զմայլի ճիտին, որ կանգուն կը պահէ
բագինը, նոր հերոսներ ծնանելով:
1983