ՀԻՄԱ Ի՞ՆՉ
Կարելի չէ պոկել մեր կրծքէն
Ցաւը ահաւոր,
Վիշտն ու զայրոյթը անզօր,
Որուն մէջ կը գալարուինք։
Մենք խլեակներ ենք հիմա,
Ամօթի զգացումով խեղդուած,
Դառնահեծ վիշտերով ողողուած։
Հիմա պիտի սեղմենք մեր մէջքը թոյլ,
Գօտեպնդուինք ու պատրաստուինք
Մեծ յաղթանակին,
Ես կը սեղմեմ կսկիծն իմ սրտի,
Վաղուան պայծառ գալիքին։
2020