ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹՒ՞ՒՆ

Կեանքի խուլ հեւքին

Ու երազներու քուրային մէջ,

Կայ հանգրուան մը,

Ուր կը կանգնի մարդը,

Լուռ ինքնահայեացքով՝

Հարց կու տայ ինքնիրեն.

-Հիմա, դէպի ո՜ւր...


Հիասթափութեան ծնունդ այս հարցումը

Կարող է մտալլկել,

Քանդել մարդը էութեան մէջ,

Եթէ չկարենայ տրամաբանօրէն

Ու իրապաշտօրէ´ն դիտել

Կեանքին հոլովոյթը անբացատրելի,

անհեթեթ ու խե՜ղճ երբեմն.

Եթէ չկարենայ, ճիգով մը գերագոյն,

Սպաննել պատանեկան երազները անմեղ,

Քանզի պիտի չիրականան անոնք,

Պիտի մնան հոգւոյն մէջ խեղդուած,

Մտքիդ ոլորտներուն մէջ թափառող

ցանկալի երազներ միայն.

Իրականութիւնը կը սկսի հո´ն, ուր

Երազները կը դադրին իրակա՜ն ըլլալէ...

Անոնք կ’ապրին մարդուն հոգիին մէջ

Որպէս ներշնչման ճշմարիտ ակունք.


Անկէ դուրս, կեանքն է... խե՜ղճ, դաժա´ն...:

1985