ՀԵՌՈՒՆԵՐԷՆ
Այդ երէկ էր, սիրելիս...
Երէկը հիմա չկայ,
Դուն նայիր վաղուան,
Եթէ կը հաւատաս...
Մի՜ տխրիր,
Շնչէ՛ անկաշկա՜նդ,
Նայէ՛ սպիտակ ամպերէն վե՜ր՝
Շոյող արեւին, որ պիտի ծագի։
Հաւատա՜,
Արեւը պիտի ծագի անպայման.
Շշունջն արեւին,
Մեղմ ոտնաձայններով
Կը պարէ հեզաճկուն քնքշանքով,
Կը թափառի դէմքիդ վրայ կարօտահար։
Ափսո՜ս, դուն չես տեսներ զայն,
Ու չես տեսներ սլացող իմ հոգին.
Ես հեռու եմ, հեռո՜ւ եմ միշտ եղած։
Ես հեռուներուն արագիլն եմ
Ծովուն ալիքներուն վրայ սաւառնող,
Բայց հոգիս կը ճախրէ միշտ քու վերեւ։
Այդ դուն չես գիտեր, բայց գիտեն
Շողերը արեւուն ու ծղօտները թաց.
Ես շունչն եմ յաւերժի ու դիւթանքը բառին,
Որ կը ծածանի միշտ քու վերեւ
Ու խոնաւ ամպերու անհունին մէջ, անկաշկանդ.
Հոգիդ պիտի թրթռայ իմ երգին հետ առաւօտուն,
Երբ նայի լուսամուտէն դուրս՝ արեւուն ժպտուն։
2022