ՀԱՒԱՏԱՑԻՆՔ
Հաւատացինք,
Շեփորեցինք՝ թէ տարբե՜ր ենք,
Ազգերուն մէջ հնագոյնն ենք,
Եզակին ենք.
Հաւատացուցին...
Իսկ մենք՝ հաւատացինք
Միամտօրէն, առասպելի վերածած
Խորհուրդը դարերուն,
Միրաժի մը նման, աղօտ ու տարտամ...
Հոգ չէ, ըսին, մեր պալարները մշտաբորբ
Ծնունդն են մի՛շտ մեր հի՜ն, նորոգ ախտին,
Խլիրդին նման բոյն դրած մեր էութեան,
Մեր հոգիին, ծինին մէջ դարաւոր,
Որ կը սիրէ քանդել իր արարածը,
Ընկճել իր հարազատ եղբօրը,
Իր փառքին ու եսին համար...
Գիտէ դաւել իր տեսակին,
Խոնարհիլ օտարին կամքին։
Կայէնին ու Աբէլին առակը
Հայուն էպոսին փորձաքարն է,
Ախտն է անամոք.
Բայց ճակատագրական պահերուն դժնի, ըսին,
Հաւատացէ՜ք, հայը գիտէ ծառանալ ու կանգնիլ ոտքի՛։
Հաւատացուցի՜ն...
Եւ մենք հաւատացինք
Միամտօրէն, որ փրկութիւնը մեր
Պիտի գայ հիւսիսէն կամ արեւմուտքէն,
«Բարեկամներէն»՝
Մեզ հեգնո՜ղ, դաւո՜ղ,
Իսկ մենք պարտինք խոնարհիլ,
Ընդունիլ կամքը հզօրին,
Քանզի անմիաբան ենք,
Ատակ չենք ազա՜տ ապրելու։
Մեզի կ’ըսէին՝ բզկտուած ազգ ենք,
Մեզ կրծողը մեր մէջ սողացող ցեցերն են,
Ամբոխին արիւնը ծծող ներքին մակաբոյծներն են։
Արմատացած ախտն է անբուժելի,
Որուն բալասան չկայ, ըսին,
Չկայ մեսիա, ոչ ալ փրկիչ,
Ուրեմն՝ դատապարտուած ենք
Սիզիֆեան ախտին զոհն ըլլալու, ընդմի՜շտ,
Բայց մենք գիտենք տոկա՜լ,
Նայիլ հպարտ՝ գալիքի՜ն, ըսին։
Այդպէ՜ս հաւատացուցին։
Ու մենք հաւատացինք...
Աւա՜ղ, ո՛չ միայն տարբեր չէինք,
Այլեւ զոհն էինք ու ենք
Մեր պատմութեան դարաւոր հալածախտին...
Մենք վճարած ենք ու կը վճարենք տակաւին,
Գի՜նը հին ու նորոգ մեր ներքին ախտերուն։
2021