ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐ
Յուշերս կը հալածեմ այս գիշեր:
Յիշողութեանս մէջ կ’արծարծի
Առաջին պահերը սիրոյս,
Որ մնաց անաւարտ, ճանապարհի կէսին...:
Քե´զ կը հալածեմ, հեթանոս դիցուհիս.
Արձանդ՝ վե՜հ, կը մնայ կանգնած հոգւոյս
Լուսաւոր ծերպերուն, որպէս խորհրդանիշ՝ սիրոյս,
Որ երէկ ճշմարտութիւնն էր, նիւթեղէն,
Այսօր, գերագոյն երջանկութիւնը ոգեղէ´ն...:
Մարդիկ կը տառապին իրենց հաւատամքին համար,
Իսկ ես կը տառապիմ քեզմով,
Որովհետեւ առանց քեզի, հէք կեանք
Մը կը մնայ ինծի, դառն ու միայնա՜կ...:
Յիշատակդ կը հալածէ´ զիս այս գիշեր:
Երբեւէ բաժանումը այնքան դաժան չէր եղած,
Որքան հիմա... երբ զոհն եմ ու գերին
Մեր կրքոտ, նուիրական սիրոյն.
Ծնրադրած անրջային երեւումիդ դիմաց,
Կը նորոգեմ ուխտս հաւատարմութեան,
Կը բորբոքեմ սիրոյս կրակը, քեզ
Վերագտնելու տենչէն թելադրուած...:
1985