ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ
Ինքզինքս հարցականի տակ առած,
Կը խոկամ ինծի սպասող վաղուան
Ու կեանքիս հոլովոյթին մասին՝
առհասարակ։
Պատկերը միշտ նոյն տգեղ իրականութիւնն է՝
Արհամարհող,
նսեմացնող.
Երկդիմագիծ անձն է իմ դիմաց կանգնած,
Օտա՜ր իր երազներուն ու խղճի ձայնին,
Նոր ժամանակներուն յարմարած,
Անոնց արժէքներով կաղապարուած…
Բայց հոգիէս մասունք մը անաղարտ
դեռ կը տոկայ,
Այլ աշխարհ ու կեանք կը տենչայ,
Կը տուայտի անդիմագիծ,
որոնելով իր եսը՝
Որ ի´րը չէ, կորսուած է աղջամուղջին մէջ ներկայի…
Առանձինն չէ ան մեր քարտէսին վրայ,
Իր նման, հազարներու փաղանգ մը՝
սերունդներու
Նոյն հարցադրումին դիմաց շուարած,
Կեանքի յարափոփոխ ընթացքին դիմաց նսեմացած
Կը սպասեն արշալոյսին,
Կը սպասեն հաւատքով վաղուան՝ սրտաճագ….։
1984