ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
Կ’անցնի՜ն օրերը,
Ժամանակները կը փոխուին,
Իսկ մենք, սիրելի՛ս,
Կը սորվինք համակերպիլ:
Կլիման կը փոխուի, կը հաշտուի՛նք,
Կը կեղեքեն մեզ, լո՜ւռ կը համակերպինք.
Տագնապ ու վիշտ՝ կը կրծեն, կը յօշոտեն մեզ,
Կ’ընդունինք որպէս մեզի վիճակուած
Անհեթեթ խաղը մեր չար բախտին,
Ժամանակի՝ մեր դէմ ունեցած
Հակակրանքն ու վրէժը պարզապէս.
Վարժուեցա՜նք ակամայ, կուլ տալ
Մեր օրերուն ձախորդութիւնները բոլոր,
Մեղքի բաժինը ընծայել ուրիշին:
Օրերը կ’անցնին, կեանքեր կը հիւծին,
Ուրախ պահերը կը դառնան ժլատ ու սակաւ,
Կը համակերպինք ցաւին,
Կորուստին,
Յուսախաբութեանց նա՛եւ,
Հարցադրումն ու բողոքն անգամ մեղք սեպելով,
Կ’որսանք րոպէները երջանիկ,
Կը շիջինք օրէ օր, կը սուզուինք հոսանքին մէջ,
Հլու, հիասթափ ու հաշտ:
Մեր վիպերգութիւնը գրեցին ուրիշներ հզօր,
Ծնան հերոսներ կեղծ ու երգեր այլանդակ,
Մեր երգը կորսուեցաւ եթերին մէջ անյիշաջար։
Ու եթէ հարց տան մեր մասին, ըսէ՛ք. -
Մեր անունն էր համակերպութիւն,
Մեր կեանքի խորագիրն էր հիասթափութիւն,
Իսկ մեր կտակն էր հաշտութիւն.
Մենք վճարեցի՛նք մեր ժամանակի մուրհակները բոլոր:
2021
ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ, 27 Օգոստոս 2021, էջ 5: