ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Կանցնին օրե՜րը,

Ժամանակները կը փոխուին,

Իսկ մենք, սիրելի՛ս,

Կը սորվինք համակերպիլ։

 

Կլիման կը փոխուի՝ կը հաշտուի՛նք,

Կը կեղեքեն մեզ՝ լո՜ւռ կը համակերպինք.

Տագնապ ու վիշտ՝ կը կրծեն, կը յօշոտեն մեզ։

Կընդունինք որպէս մեզի վիճակուած

Անհեթեթ խաղը մեր չար բախտին,

Ժամանակի՝ մեր դէմ ունեցած

Հակակրանքն ու վրէժը պարզապէս։

Վարժուեցա՜նք  ակամայ կուլ տալ

Մեր օրերուն ձախորդութիւնները բոլոր,

Մեղքի բաժինը ընծայել ուրիշին։

 

Օրերը կանցնին, կեանքեր կը հիւծին,

Ուրախ պահերը կը դառնան ժլատ,

Կը համակերպինք ցաւին,

Կորուստին,

Յուսախաբութեանց նա՛եւ,

Հարցադրումն ու բողոքն անգամ մեղք սեպելով՝

Կորսանք րոպէները երջանիկ,

Կը շիջինք օրէ օր, կը սուզուինք հոսանքին մէջ,

Հլու, հիասթափ ու հաշտ։

 

Մեր վիպերգութիւնը գրեցին ուրիշներ հզօր,

Ծնան հերոսներ կեղծ ու երգեր այլանդակ,

Մեր երգը կորսուեցաւ եթերին մէջ անյիշաչար։

 

Ու եթէ հարց տան մեր մասին, ըսէ՛ք՝

Մեր անունն էր համակերպութիւն,

Մեր կեանքի խորագիրն էր հիասթափութիւն,

Իսկ մեր կտակն էր հաշտութիւն.

 

Մենք վճարեցի՛նք մեր ժամանակի մուրհակները բոլոր։


2021