ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մի՞թէ եկար պատահաբար,
Թէ՞ հանդիպման խարանող կիրքը
Բերաւ քեզ ինձ մօտ։
Ի՞նչն էր, որ բերաւ քեզ իմ մօտ։
Խանդոտ աչքերով, բոց ու հուր,
Այլոց սեւեռուն նայուածքներուն դիմաց,
Նստեցար անփոյթ ու անտարբեր,
Կիսամերկ, հոլանի մարմինդ պարզած
Հին հաշիւներ մաքրելու ցանկութեամբ,
Զիս աքցանի մէջ առած ըլլալու հպարտ յաղթութեամբ։
Թախծոտ տխրութիւն մը աչքերուդ կը մատնէր քեզ.
Մի՞թէ դառնութիւն մըն էր անցաւոր,
Թէ՞ թաքուն կիրք մը երբեմնի՝
Ծաղկաբոյր սրուակի մը նման իմ դիմաց բացուած։
Մի՞թէ հոլանի մարմինդ զերդ առագաստ պարզած
Կը ցանկայիր տիրել՝ տարիներու համր քմայքին
Յանձնուած տարանջատ հոգիիս,
Ու հիմա, ինչպէս ժայթքող հուր ու լաւա,
Համակ կիրք է ու հրաշունչ տարփանք.
Մի՞թէ դիպուած է, թէ՞ չարամիտ խաղ՝
Ալեկոծումներն այս անսպասելի, հեշտալի՜։
Կի՜ն, ո՞ւր էր թաղուած այս խաբկանքը յիշաչար,
Ինչո՞ւ հիմա խանդոտ կիրքն այս մեղապարտ,
Ուր սէրը՝ բագինին վրայ գերեվար,
Կառափնարան տարուող զոհի մըն է նման։
Կ’ուզես քանդե՞լ բոլոր կապանքներն հիմա,
Զոր հիւսած էի իմ շուրջ սարդենիի մը նման՝
Կծկուած անոր մէջ ապահով, տարինե՜ր համր,
Օ՜հ, աչքերդ, կի՜ն, զերդ Շամիրամը խանդոտ ու տիրակալ,
Կը խանձէ հիւլէ-հիւլէ մարմնիս բջիջները մոլախոտին նման։
Տա՜ր զիս ծոցը, կի՛ն, այս առինքնո՜ղ երազանքին...
2016