ՀԱՆԳԻՍՏ ԹՈՂԷՔ ԶԻՍ
Մի՜ չարչարէք զիս ձեր ցաւերուն պատումներով,
Երբ հոգւոյս խորը երկունք է մրրկայոյզ։
Ես յագեցած եմ տրտունջներէն ձանձրալի
Ու աշխարհիս գալարումէն, որ չունի վերջ ու աւարտ։
Ա՛յն, ինչ կ’ապրինք մենք,
Կեղծիք է,
Խաբկանքն է ան կեանքին,
Պայքար մը համայնական։
Հասկցէ՛ք վերջապէս,
Թէ ձեր տագնապներէն անդին
Բազում մարդիկ կան,
Որոնց ցաւն ու վիշտը խոր է աւելի,
Քան ձեր ու իմ տուայտանքը անբաղձալի։
Մեզի շնորհուած օրերուն չափն ու խորքը տարբեր
Մեզի վիճակուած դառնութեանց բաժակին
Կշիռն է, պակաս կամ աւելի. ընդունի՛նք պիտի։
Եկէք հաշուի չնստինք՝ ո՞րն է ծանր աւելի՛։
Արդ, մի՛ խօսիք ձեր ցաւերէն ու հոգերէն,
Ես յոգնած եմ ձեր զղջումներէն,
Ես կը հաշուեմ ոսպի հատիկներուն ընդմէջէն,
Դառնութիւններն իմ, որոնք անթիւ են...
Մա՛րդ եմ վերջապէս,
Աշխարհիս ցաւերէն ա՛լ յոգնած։
2020