ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԿԻՐ

Ճշմարիտին ի խնդիր՝

Ցանկամ մեռնիլ ի հարկին

Քառորդ դարու ճանապարհի եզրին

Կանգնած եմ պահ մը՝ խղճիս ձայնին ունկնդիր:

Հայրենի երկրի խորհուրդն է,

Կը տողանցէ մտահորիզոնիս դիմաց,

Ու կը հոսի արեանս մէջ արագավազ.

Հիւլէն եմ ես անոր, հարազատ,

Բռնի անջատուած ու որբացած:

Վե՜ր ամէ´ն արժէքէ ու խօսքէ,

Տարերք մըն է ան ինծի համար:

Ամէ´ն քայլափոխի ու նոր օրուան,

Զայն կ’որոնեմ որպէս հարազատ մայր:

Ու հիմա, նոր հանգրուանի մը սեմին,

Խորհուրդն անոր կը մնայ ամրացած,

Էութեանս հիւլէներուն մէջ դրոշմուած.

Անոր տեսիլքով կեցութիւնս

Նոր հաւատքով է կենսաւորուած:

1984