ՀԱՅՈՒ ՏԵՍԱԿԸ ՆՈՐ

Շուկաներուն թէ դահլիճներուն մէջ շքեղ,

Հրապարակներուն վրայ՝ բազմամարդ,

Հայու տեսակը նոր

Մերօրեայ կեղծ հայերն են իրօք։

 

Դժուար չէ զիրենք ճանչնալ,

Քիչիկ մը տեսողութիւն խարանող

Եւ ծանօթութիւն հարեւանցի,

Բաւ է պիտակել զիրենք այդպիսին։

 

Հո՜ն են,

Ամէ՛ն տեղ են,

Իրենց որովայնը ցցած մինչեւ ամպերը երկնահաս,

Կը բղաւեն միալար, յարատեւ,

Իրենց անունը ոսկեզօծ մատանիի վերածած,

Իրենց եսը դամոկլեան սուրի նման՝

Մարդոց վիզերուն ուղղած,

Կը քալեն քանքարաւոր,

Խրոխտ ու աներեր,

Այլոց ներկան ու ապագան

Ասպարէզ իրենց հռչակած։

 

Մերօրեայ կիկերոններն են,

Ամէն ինչի գիտակ ու հմուտ,

Նոր տեսակը հայու,

 

Կատարելագործուած,

Ինքնահաւան ու պոռոտախօս,

Իրենց խօսքը հրովարտակ է վճռական,

Կամքը՝ վճիռ վերջնական,

Դէմքերը՝ միշտ զուարթ ու պայծառ,

Նայուածքներն  ալ՝ խոհուն ու հեռարձակ,

Աւա՜ղ, կե՛ղծ, ճապաղ, անբարեհաճ։

 

Բեմերուն վրայ,

Թէ ժողովներուն բազմած,

Անոնք նոր հայերն են իրաւամբ,

Մերօրեայ նոր տեսակը հայու,

Խօսքն իրենց հուսկ բանք է,

Այլեւ վճռորոշ միտք անհարցադրելի.

 

Անո՜նք, այրերն այդ մեծանուն,

Յաճախ միտքեր ալ չեն փայլատակող,

Բայց անուն են շրջագայող,

Հոն են, ամէնուրեք,

Հայու նոր տեսակն այս ամբարտաւան,

Դարձած պատուհաս, ական ու զէնք՝

Խեղճ ամբոխին շլմորած։


2004