ՀԱՅՈՒՆ ՏԵՍԱԿԸ
Տարօրինակ ազգ ենք երեւի։
Սնապարծ ենք եղած միշտ,
Ու ցաւն ա՛յն է, որ չենք տեսած,
Որ կեղծ, խաբկանք են եղեր
Ինքնագովութեան, հպարտանքի խօսքերը մեր ունայն,
Ու շոյե՜ր ու խաբեր, դաւեր են մեզ ամէնքը, ամէ՛ն առիթի։
Մենք հաւատացեր ենք քնքշանքին,
Օտարին կեղծ փաղաքշանքին
Եւ չենք տեսեր խորքն ու ծուծը այլոց դաւին
Ու գալիք մութ ամպերը ճակատագրական։
Օ՜հ, ինչքան ենք խաբուեր օտարէն։
Քաշկռտեր ենք մեր գոյութիւնը, դարեր,
Հաւատացեր մեր տեսակին, ցեղին անպարտութեան։
Երբ պարտուեր ենք, ձեռնոցը մեղքի նետեր ենք ուրիշին,
Օրն ի բուն մենք բզկտեր ենք մենք զմեզ միայն։
Մենք սնափառ ազգ ենք եղած, անհեռատես, զգացական,
Մեր եսն ու փառքը սիրեր ենք ամէն բանէ վեր,
Աւա՜ղ, ամէն փորձութեան,
Չենք ուզած տեսնել մեր գործած մեղքն ու աւերը կսկծալի,
Մնացեր ենք զիրար ատող, անմիաբան,
Նահանջող ցեղ մը աշխարհի երեսին։
Ապրելով դարե՜ր քարքարոտ լեռներուն,
Մեր հաւատքը վերածեր ենք քար-խաչքարի,
Մեր նկարագիրը՝ կարծր, չոր ու անճկուն,
Մեր միտքը՝ անտաշ քարի նման տափակ ու ծուր։
Մենք հպարտ ենք եղեր մեր քար-բախտով,
Մնացեր ենք թանձրամիտ ու անուղղայ։
Ու հիմա նոյն տեսակն ենք մարդու,
Որ կը յաւակնի ինքզինք նկատել գերադաս,
Երբ իր շրջապատի քոչուոր ցեղը ստորադաս,
Երէկ՝ տգէտ, բարբարոս ու արինարբու,
Դարձած է պետութիւն, ա՜զգ յարգուած,
Մարդկային արժէքներէն ճարող,
Մինչ մենք կը բզկտենք զիրար ամէն տխուր առիթի,
Ինքնակործանման, ատելութեան մոլուցքով յագեցած։
Մենք գոռոզ ազգ ենք, անսովոր, ուրիշ ոչի՛նչ,
Երեւի կը քաշկռտենք դեռ մեր գոյութիւնը այսպէս,
Յաղթեալ ու զոհի հոգեբանութեամբ,
Մինչեւ մեզ դասեն վտանգուած տեսակը
անհետացող ցեղերու։
2021