ՀԱՅԵԼԻ

Հոգիս ջրարատ աղբիւրին է ծարաւի,

Ներաշխարհս՝ պարարտ հող մը յուսալքումի:


Սոսկումն է թափանցած հոն,

Այն ահաւո՜ր ունայնութեան

Որ բոյն է դրած մեր սրտերէն ներս

Ու կը կրծէ արմատները՝ իր էութենէն...

Սոսկում՝ նոր օրերու բարք ու արժէքներէն,

Որոնք հիմնայատակ կը կործանեն ոգին մարդուն,

Կ’աղաւաղեն դիմագիծն անոր, ինքնուրոյն,

Կը վերածեն զայն հօտի մը ջլատուած,

Որ դէպի անորոշը կ’երթայ հլու, հնազա՜նդ...:


Ու մինչ կը փորձենք քալել հոսանքն ի վեր,

առանձին,

Մեր դիմաց լեռնաշղթայ մը կայ ամեհի,

Որ պարտինք մագլցիլ ու յաղթահարե՜լ.

Կ’ըսեն.- կեանքը փորձաքար է վեր մագլցողին,

Անոր, որ կը մերժէ´ պատրանքները, հեշտ ու սին,

Ու կ’ընտրէ միշտ մարտահրաւէրները դժուարին.


Ես հայելին եմ այդ փորձին՝

Հինէն ի վեր, նախախնամաբար,

Ես կը քալեմ այդ ուղիէն

Վաղուան տեսիլքով ոգեղինացած...:

1985