ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Չքնաղ իմ Հայաստան
Երազ երկիր իմ պապերու
Քեզ պիտի աւերեն
Պիտի դարպասեն
Սպաննեն կրկին
Ու դաւեն
Խոցեն սիրտդ ազատատենչ
Հիւծեն ու ծունկի բերեն
Բայց պիտի կանգնի՜ս կրկին
Խրո՛խտ ու վե՜հ
Պիտի արարե՛ս
Ծառանա՜ս վերստին
Ամոքես վէրքերդ
Մորմոքդ վերածես վրէժի
Ցոյց տաս ոսոխին
Որ կը մնաս վճռակա՜ն
Ինչպէս արեւը պիտի յաղթէր միշտ
Խաւար անջրպետին.
Քեզ կոտրելը, ծունկի բերելը
Հեշտ չէ եղած ո՛չ ոքի
Դարեր տոկացեր ես
Ինչպէս տաճարը հաւատքի
Տիրեր ես ապրելու գաղտնիքին
Ժամանակնե՜րը վկայ։
Դուն պիտի վերականգնի՛ս կրկին
Իմ չքնա՜ղ Հայաստան։
2020